«Էքոնոմիքթայմզ» կայքը կը հաղորդէ, որ 2020 թուականի ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնը շատ տարբեր է նախորդ նախագահական ընտրութիւններէն, քանի որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ «Քորոնա» համաճարակի պայմաններուն մէջ եւ նախընտրական արշաւներուն հիմնական խօսակցութեան կէտը կը հանդիսանայ ամերիկեան-չինական յարաբերութիւնը:
3 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենայ ամերիկեան նախագահական շատ սպասուած ընտրութիւնը: Ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ դեմոկրատական նախագահական թեկնածու Ճօ Պայտըն կը շարունակեն փոխադարձ ցեխարձակումներ կատարել:
Կայքը կը ներկայացնէ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր մրցակից Ճօ Պայտընի խոստումները ամերիկացի քաղաքացիներուն:
Տանըլտ Թրամփ
1) «Քորոնա» համաճարակ. մինչեւ 2020 թուականի աւարտը պատուաստը պատրաստել, 2021 թուականը բնականոն դարձնել, կուտակել պատուաստի պաշարները եւ պատրաստուիլ ապագայ համաճարակներուն:
2) Աշխատանքներ եւ տուրք. 10 միլիոն նոր աշխատանքներ ստեղծել 10 ամիսներուն ընթացքին եւ նուազեցնել տուգանքը` խթանելու եկամուտները եւ Ամերիկայի մէջ պահպանելու աշխատանքները:
3) Չինաստան. Թրամփ խոստացած է «շատ բաներ ընել» Չինաստանի հետ: Միացեալ Նահանգները պիտի վերածուին արտադրողական մեծ պետութեան եւ վերջնականապէս պիտի դադրեցնեն Չինաստանէն կախուածութիւնը:
4) Ուժանիւթ. շարունակել ուժանիւթի անկախութիւնը ապահովելու կարգաւորման օրակարգը:
5) Առողջապահութիւն. առողջութեան ապահովագրութեան վճարումները նուազեցնել, ներառել բոլոր գոյութիւն ունեցող բժշկական պարագաները, պահպանել ընկերային եւ բժշկական ապահովագրութիւնը, պահպանել վեթերանները եւ տրամադրել բարձրորակ առողջապահական ծառայութիւններ:
6) Կրթութիւն. դասաւանդել ամերիկեան բացառիկութիւնը:
7) Ներգաղթ. արգելակել անօրինական ներգաղթեալներուն հարկատուներուն կողմէ ֆինանսաւորուող բարեկեցութեան, առողջապահութեան համակարգերէն եւ համալսարանական անվճար ուսումէն օգտուելու իրաւունքները: Տեղահանել ոչ քաղաքացի ոճրագործ խումբերը: Քանդել մարդկային առեւտուրի ցանցերը: Վերջ դնել ապօրինի ներգաղթեալները պաշտպանող քաղաքներու գործունէութեան, վերականգնել մեր թաղամասերը եւ պաշտպանել մեր ընտանիքները: Արգիլել ամերիկեան ընկերութիւններուն ամերիկացի քաղաքացիները փոխարինել աւելի ցած աշխատավարձով օտարերկրեայ աշխատողներով: Պահանջել, որ նոր ներգաղթեալները կարենան իրենք իրենց նիւթական ծախսերը հոգալ:
8) Պաշտպանութիւն. դադրեցնել անվերջանալի պատերազմները եւ մեր զինուորական խումբերը վերադարձնել տուն, պահպանել եւ ընդլայնել ամերիկեան անզուգական ռազմական հզօրութիւնը, ոչնչացնել համաշխարհային ահաբեկիչները, որոնք կը սպառնան վնաս հասցնել ամերիկացիներուն, եւ կառուցել համացանցային ապահովութիւնը պաշտպանելու համակարգ եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգ:
Ճօ Պայտըն
1) «Քորոնա» համաճարակ. շտկել Թրամփի փորձարկման եւ հետաքննման ձախողութիւնը եւ անձնական պաշտպանիչ սարքերու խնդիրները, տրամադրել յստակ, հետեւողական, ապացոյցներու վրայ հիմնուած ազգային ուղեցոյց, ծրագրել բուժման եւ պատուաստներու արդիւնաւէտ, արդար բաշխում: Պաշտպանել տարեց ամերիկացիները եւ համաճարակի բարձր վտանգի ենթակայ այլ անձերը, պարտադրել դիմակ կրելը ամբողջ երկրին մէջ: Վերականգնել եւ ընդլայնել պաշտպանական ուժերը, որոնք Թրամփը քանդած է` կանխատեսելու, կանխելու եւ մեղմացնելու համաճարակային սպառնալիքները, ներառեալ` Չինաստանէն եկողները:
2) Աշխատանքներ եւ տնտեսութիւն. պետական, տեղական եւ ցեղային կառավարութիւններուն տրամադրել անհրաժեշտ օժանդակութիւնը, որպէսզի ուսուցիչները, հրշէջները եւ այլ անհրաժեշտ աշխատաւորները անգործ չմնան: Ընդլայնել «Քորոնա» համաճարակի պատճառով անգործ մնացողներուն անգործութեան ապահովագրութիւնը: Օժանդակել փոքր առեւտրական հաստատութիւններուն, որպէսզի կարենան թեթեւցնել համաճարակի պատճառած տնտեսական վնասները:
3) Չինաստան. ստիպել Չինաստանին «խաղալու միջազգային օրէնքով»` առեւտուրի, արտասահմանեան ընկերութիւններու վերաբերմունքի եւ Հարաւային Չինաստանի ծովուն մէջ իր գործողութիւններուն մէջ:
4) Ներգաղթ. Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի համակարգը արդիականացնել, ընդունիլ ներգաղթեալները մեր համայնքներուն մէջ, չեղեալ նկատել Ամերիկա չճամբորդելու եւ գաղթականներու արգելքները, որ կը կոչուի նաեւ «իսլամական արգելքներ», վերահաստատել Ամերիկայի յանձնառութիւնը ապաստան փնտռողներուն եւ գաղթականներուն հանդէպ, լուծել անկանոն ներգաղթի արմատական պատճառները եւ իրականացնել սահմաններու վրայ արդիւնաւէտ քննութիւնը:
5) Ուժանիւթ. կառուցել ժամանակակից ենթակառոյց, դիրքաւորել Միացեալ Նահանգներու ինքնաշարժներու արտադրութիւնը, որպէսզի դառնայ 21-րդ դարու յաղթականը ինքնաշարժներու արհեստագիտութեան մարզին մէջ, ունենալ ածխածինի ոչ ապականող ուժանիւթի մարզ մինչեւ 2035 թուական, մեծ ներդրումներ կատարել շէնքերու ուժանիւթային արդիւնաւէտութեան մէջ, ներառեալ աւարտել 4 միլիոն վերակառուցման աշխատանքները եւ կառուցել 1,5 միլիոն մատչելի նոր տուներ, հետամուտ ըլլալ մաքուր ուժանիւթի նորարարութեան մէջ պատմական ներդրում կատարելու, յառաջացնել կայուն գիւղատնտեսութիւն եւ պահպանութիւն, ապահովել շրջակայ միջավայրի արդարութեան եւ արդարացի տնտեսութեան կարելիութիւններ:
6) Զէնքի վայրագութիւն. արգիլել յարձակումի համար գործածուող զէնքերու եւ բարձր տարողութեամբ զինամթերքի արտադրութիւնը եւ վաճառքը, կարգաւորել գոյութիւն ունեցող յարձակողական զէնքերու սեփականութիւնը Ազգային զինատեսակներու մասին օրէնքին համաձայն, վերագնել յարձակողական զէնքերը եւ բարձր տարողութեամբ զինամթերքը, որ գոյութիւն ունին մեր համայնքներուն մէջ, նուազեցնել զէնքի կուտակումը եւ դադրեցնել զէնքի ու զինամթերքի առցանց վաճառքը:
7) Հնդկական-ամերիկեան համայնք. զօրակցիլ ամերիկեան-հնդկական գործակցութեան, վերացնել լեզուական խոչընդոտները հնդկական-ամերիկեան համայնքին համար, արդիականացնել կրօնական աշխատողներու մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը եւ լուծել պաշտամունքի կեդրոններու անվտանգութեան կարիքները: