Հոլանտաբնակ «MMA»-ի հայ մարտիկ Գեղարդ Մուսասի, նախորդ շաբաթավերջին պրազիլցի Տուկլաս Լիմայի դէմ իր արձանագրած յաղթանակը նուիրեց Հայաստանին:
«Իմ այս յաղթանակս կը նուիրեմ իմ երկրիս, որ այժմ պատերազմի մէջ է: Հայաստան, կը սիրեմ ձեզի եղբայրներ, քոյրեր, ձեզի հետ եմ, մեր սրտին եւ աղօթքներուն մէջ էք: Յոյսով եմ, որ շուտով խաղաղութիւն կը տիրէ», նշեալ մենամարտէն ետք ըսաւ Մուսասի:
Նշենք, որ 35 տարեկան Մուսասի իր այս յաղթանակը արձանագրեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով եւ տիրացաւ «Պելլաթոր»-ի միջին քաշային կարգի ախոյեանութեան գօտիին: