Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան հանգամանալից կերպով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի զարգացումը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին չդադրող լայնածաւալ մարտական գործողութիւններուն առնչութեամբ եւ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղեցին` շուտափոյթ եւ լիակատար հրադադարի եւ լարուածութեան թուլացման:
Ընդգծուած է տագնապի դիւանագիտական լուծման այլընտրանքի բացակայութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հետագայ համաձայնեցուած գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Դիտարկուած են իրավիճակի հետագայ զարգացման հաւանական բեմադրութիւնները:
Նախարարները առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատեցին ռազմական գործողութիւններու դադրեցման քաղաքական կամքի դրսեւորումը: