Ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին քանատահայութիւնը խուռներամ բազմութեամբ Օթթաուայի խորհրդարանին դիմաց կայացած ցոյց-քայլարշաւով Քանատայի կառավարութենէն պահանջեց ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, դատապարտել Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ վարած յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն ու բռնարարքները եւ զօրավիգ կանգնիլ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին ու արդար դատին:
Ցոյց-քայլարշաւը, որ կը կրէր «ARTSAKH STRONG» լոզունգը, սկիզբ առաւ Օթթաուայի խորհրդարանէն, ապա ուղղուեցաւ դէպի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գրասենեակ: Աւելի քան 5000 հայորդիներ` Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն եւ այլ վայրերէ համախմբուած էին խորհրդարանին դիմաց` ընկերակցութեամբ եկեղեցական, յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներու ու պատասխանատու մարմիններու:
Խօսք առին Քանատայի ազատական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամ Փիթըր Ֆրաճիսկաթոսը, ընդդիմադիր Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան փոխնախագահ Ալեքսանտր Պուլըրիսը, Պլոք Քէպէքուայի ներկայացուցիչ Ալեքսիս Պրունէլը, որոնք կոչ ուղղեցին կառավարութեան` գործի լծուելու, կոտրելու լռութիւնն ու կանխելու նորօրեայ այս ցեղասպանութիւնը, որ ի գործ կ’ածուի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ: Ապա անոնք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին ու քանատահայութեան:
Քանատայի խորհրդարանի Հայաստան-Քանատա խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, յանուն իր խմբակցութեան, հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէր Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ կիրարկած բռնութիւններն ու դրսեւորած քաղաքականութիւնը, որուն ընդմէջէն Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կ՛ուզեն բռնութեամբ լուծել Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, քանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանն ու Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան:
Այնուհետեւ, ցուցարարները միահամուռ ուղղուեցան դէպի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գրասենեակ, մայրաքաղաքին փողոցները որոտացնելով` «Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը» լոզունգով ու դատապարտիչ կոչերով: