Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, կը կատարուին ութ մրցումներ, չորս տարբեր խմբակներու մէջ:
Բաղդատած վաղուան մրցումներուն, այսօրուան ճակատումները պիտի ըլլան բաւական զօրաւոր, թէեւ վաղը տեղի ունենալիք Եուվենթուս-Պարսելոնա հանդիպումը իր վրան պիտի կեդրոնացնէ լուսարձակները:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ա. խմբակ.- Լոքոմոթիւ Մոսկուա-Պայէրն Միւնիխ (19:55 ) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ-Սալզպուրկ (22:00)
Բ. խմբակ.- Շախտիոր Տոնեցք-Ինթեր Միլան (19:55 ) եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ-Ռէալ Մատրիտ (22:00)
Գ. խմբակ.- Փորթօ-Օլիմփիաքոս (22:00) եւ Մարսէյ-Մանչեսթըր Սիթի (22:00)
Դ. խմբակ.- Աթալանթա-Այաքս Ամսթերտամ (22:00) եւ Լիվըրփուլ-Միթյիլենտ (22:00)