ՔԼԻՆԹԸՆ – ՊՐԱՅԶԱ ԴՌՆՓԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՌՈՒՍ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ
By adminx - Fri Jan 20, 7:57 am
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասին չորեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտընի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Մոլտաւիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ ղարաբաղեան եւ մերձտնեսթրեան տագնապներու լուծման հետ կապուած հարցեր:
ԱՓԱ նաեւ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած է: Հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան:





