ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան հանդիպում ունեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատել տուաւ, թէ կառավարութիւնը ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կազմուի` հաստատելով, որ երկար սպասելու ճոխութեան մէջ չենք գտնուիր:
«Ինչպէս նախանցեալ օր նախագահական պալատէն յայտարարած էին, մեր մաղթանքն է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը կատարէ քաղաքական ուժերուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն հետ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին հետ գործակցի` իրականացնելու համար Ֆրանսայի առաջադրած բարեկարգումի ծրագիրը. այսօր վարչապետին մօտ շօշափեցինք անոր կատարեալ պատրաստակամութիւնը, բաց խորհրդակցելու իրականութիւնը եւ բոլորին գործակցութեան ձեռք երկարելու տրամադրութիւնը` կազմելու նոր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլորին հետ երկխօսութիւն կատարելու:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կրնանք հաստատել, որ լաւատեսութիւն կը տիրէ` կառավարութիւն կազմելու իմաստով:
«Չենք փափաքիր կառավարութեան տեսակին մասին խօսիլ, սակայն մեզի համար այս փուլին կառավարութեան անուանումը պէտք է ըլլայ փրկութեան կառավարութիւնը:
«Այն, թէ այդ կառավարութիւնը մասնագէտներու կամ քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութիւն կ՛ըլլայ կամ երկու տեսակը կը ներառէ` երկրորդական է: Առաջնահերթը կառավարութեան կազմութիւնն է` կառավարութիւն մը, որ կարենայ հոգալ ժողովուրդին կարիքները, երիտասարդներուն ձգտումները, եւ մենք` իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, պատրաստակամութիւն յայտնեցինք նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու», ըսաւ ան: