ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Հրայր Սողոմոնեանի մահուան առիթով
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան կը նուիրեն
– Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 1000 ամ. տոլար
– Ազունիէի Ազգային բուժարանին` 1000 ամ. տոլար
– Ազգային ծերանոցին` 1000 ամ. տոլար
– «Թռչնոց Բոյն»-ին` 1000 ամ. տոլար
– «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին` 1000 ամ. տոլար
Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեանի մահուան առիթով
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեան կը նուիրեն
– Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` 1000 ամ. տոլար
– Ազունիէի Ազգային բուժարանին` 1000 ամ. տոլար
– Ազգային ծերանոցին` 1000 ամ. տոլար
– «Թռչնոց Բոյն»-ին` 1000 ամ. տոլար
– «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին` 1000 ամ. տոլար
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
«ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ
Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսչութիւնը անգամ մը եւս ձեզ կը հրաւիրէ այցելելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերանորոգուած «Կիլիկիա» թանգարան` քաջալերելով հայորդիները, յատկապէս երիտասարդներն ու պատանիները, որ մեր պատմութեան հետ հաղորդուելով` սորվին, ճանչնան եւ ներշնչուին մեր պատմական, եկեղեցական եւ մշակութային գանձերէն:
Թանգարանը հանրութեան առջեւ բաց է երեքշաբթիէն շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-էն, երեկոյեան ժամը 5:00, իսկ կիրակի օրերը` առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան ժամը 1:00:
- Մուտքը ազատ է: