«RMC Sport» յայտնեց ըսելով, որ մահացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին բերդապահը՝ Պրունօ Մարթինի: Ան 58 տարեկան էր:
Նախորդ շաբաթ, ան սրտի կաթուած ունենալով, փոխադրուած էր հիւանդանոց: Սակայն բժիշկները չյաջողեցան փրկել անոր կեանքը:
Ան Ֆրանսայի ազգային խումբին շապիկը կրած է 1987-էն 1996: Իսկ անոր մաս կազմած ակումբները եղած են՝ Օքսեռը, Նանսը եւ Մոնփելիէն:
1999-ին ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք, ան եղած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ երիտասարդական հաւաքականին բերդապահներու մարզիչը: