Friday May 24, 2013

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐՆ ՈՒ ՄԱԽԶՈՒՄԻՆ

By adminx - Tue Mar 29, 6:51 am

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան պետական նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի, որ նշեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներու առեւանգումին եւ Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ պայթումին վերաբերող շարք մը հարցեր: Ան մաղթեց, որ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ամէնէն մօտիկ ժամանակամիջոցին կարենայ կազմել Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք վերջին հանգրուանին կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն միջամուխ չէ եղած:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement