Լոնտոնեան Թոթենհամի մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ՝ Հերի Քէյն, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») Ուեսթ Համի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (5-րդ հանգրուան, 3-3), նշանակելով երկու կոլ եւ կատարելով էսիսթ մը, սահմանեց տպաւորիչ ցուցանիշ մը:
Տարեշրջանի առաջին հինգ հանգրուանի մրցումներուն, 27 տարեկան ֆութպոլիստը, ապահովելով 12 կէտ (5 կոլ եւ 7 էսիսթ), հաստատեց նոր մրցանիշ մը:
«Goal.com» կը յայտնէ ըսելով, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր, Արսենալի ֆրանսացի յառաջապահ՝ Թիերի Հանրիի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի անգլիացի յառաջապահ՝ Ուէյն Ռունիի (11-ական կէտ):