18 հոկտեմբերին աւարտեցաւ Իրանի մէջ զէնքի մատակարարումներու, ինչպէս նաեւ այդ երկրէն արտածման արգելքի ժամկէտը: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ-ը` նշելով, որ երէկ աւարտած է նաեւ Իրանի` Համատեղ գործողութիւններու համապարփակ ծրագիրին մաս կազմելու հինգերորդ տարին: Ծրագիրը կը վերաբերի իրանեան հիւլէական աշխատանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման, եւ որուն ի նպաստ որդեգրուած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւը:
Նախապէս «Ռազմական հրասայլերու, զրահրասայլային մարտական մեքենաներու, մեծ տրամաչափի հրետանային համակարգերու, մարտական օդանաւերու, մարտական ուղղաթիռներու, մարտանաւերու, հրթիռներու կամ հրթիռային համակարգերու օգտագործումը, ատոնց ուղղակի կամ անուղղակի մատակարարումը, վաճառքը կամ փոխանցումը Իրանին մէջ կամ Իրանին» կարելի էր գործադրել միայն իւրաքանչիւր դէպքի համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն արտօնութիւն ունենալու պարագային:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաայիտ Խաթիպզատէ նշած էր, որ Իրան իր արտադրութեան շնորհիւ կ՛ապահովէ երկրին անհրաժեշտ սպառազինութեան 90 առ հարիւրը եւ կախեալ չէ արտերկրէն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ այս գծով «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Աշխարհին հետ Իրանի պաշտպանական համագործակցութեան կարգաւորումը այսօր յաղթանակ է մեր տարածաշրջանին մէջ բազմակողմանիութեան, խաղաղութեան ու անվտանգութեան համար»: