Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձերու սկսած են ռուսական վեց նաւեր, եօթը օդանաւեր եւ աւելի քան 400 զինուորներ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն: «Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Կասպից ծովուն կեդրոնական հատուածին մէջ` Ապշերոնեան թերակղզիէն հիւսիս: Ծովային ռազմափորձերուն գործի պիտի դրուին ընդամէնը վեց նաւ, եօթ օդանաւ եւ աւելի քան 400 զինուոր», նշած են պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ընդգծուած է, որ հսկիչ ստուգման ծիրին մէջ կատարուող քայլերը սահմանափակումներ չեն ստեղծեր մերձկասպեան պետութիւններու տնտեսական գործունէութեան համար:
Կասպից ծովուն արեւմտեան ափին գտնուող Ապշերոնեան թերակղզիի հարաւային հատուածին մէջ կը գտնուի Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն:
«Ի.էյ.տէյլի» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն ընդգծած են. «Ռազմափորձերու հիմնական առաջադրանքը ծովային տնտեսական գործունէութեան կեդրոններու հսկողութեան, պաշտպանութեան եւ բարենպաստ գործողութիւններու ապահովման նպատակով ուժերու տեղաբաշխումն է, ինչպէս նաեւ` պայմանականօրէն ապօրինի զինուած խմբաւորումներու ոչնչացումը»:
Նախարարութենէն նաեւ յայտնած են, որ ռազմափորձերուն մասնակցող եւ թեւաւոր հրթիռներով զինուած չորս նաւերը պիտի կատարեն վերահսկողական հրետանային եւ հրթիռային հարուածներ օդային ու ծովային թիրախներու ուղղութեամբ, սակայն նոյն ատեն պիտի գործեն Հարաւային զինուորական շրջանի օդուժի հետ նոյն խումբին մէջ: