Եւրոպայի հայերը նախաձեռնած են աննախադէպ բողոքի ցոյցերու` ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտութեան եւ յանուն Արցախի ճանաչումին: Անոնք փակած են Եւրոպայի միջպետական ճամբաները:
Հարիւրաւոր ցուցարար հայեր երկու ուղղութիւններով փակած են Ֆրանսա-Պելճիքա միջպետական ճամբան առաւօտեան կանուխ ժամերէն` Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արցախի տագնապին վրայ սեւեռելու նպատակով: Ցոյցին մասնակցողները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Արցախը Հայաստան է՛»:
Ճամբան 1 ժամ փակ պահելէ ետք շարժումին մասնակիցները յայտնած են, որ ինքնաշարժներով պիտի ուղղուին դէպի Եւրոպական խորհրդարան:
Զուգահեռաբար փակուած են նաեւ Ֆրանսա-Սպանիա, Պելճիքա-Նետերլանտներ, Ֆրանսա-Զուիցերիա, Նետերլանտներ-Գերմանիա, Լիւքսամպուրկ-Պելճիքա-Ֆրանսա, Ֆրանսա-Իտալիա, Գերմանիա-Դանիա միջպետական ճամբաները:
Գերմանիայի Համպուրկ քաղաքի հայերը փակած են նաւահանգիստ տանող ճամբան` ի նշան բողոքի ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին եւ յանուն Արցախի ճանաչման: Անոնք ուզած են միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ:
Անոնք հանդէս եկած են «Դադրեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը», «Դադրեցուցէ՛ք ահաբեկչութիւնը», «Էրտողան` ահաբեկիչ», «Ալիեւ` ահաբեկիչ», «Արցախը Հայաստան է», «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք» եւ այլ գերմաներէն ու հայերէն վանկարկումներով:
Միացեալ Նահանգներ բնակող հազարաւոր հայեր եւ օտարներ, որոնք կը սատարեն հայ ժողովուրդին, 15 հոկտեմբերին բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ուաշինկթընի մէջ` Քոնկրեսի շէնքին դիմաց, եւ դատապարտած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները:
ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին մօտ խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին` պահանջելով անտարբեր չըլլալ Արցախի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ ու յստակ քայլերու ձեռնարկել Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած յարձակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ: