Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող՝ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. Փեթերսպուրկի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, 4-6, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս Ասլան Քարացեւի:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց՝ 2 ժամ եւ 16 վայրկեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Խաչանով ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ դարձեալ ռուս մարզիկ մը՝ Անտրէ Ռուպլեւին: