Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 100 անդամներ պահանջած են դադրեցնել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը եւ կոչ ուղղած պատժելու Էրտողանի ու Ալիեւի վարչակարգերը պատերազմական յանցագործութիւններու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պէտք է ականջալուր ըլլայ թէ՛ իր գաղտնի սպասարկութիւններուն, որոնք շատ լաւ գիտեն, որ Ազրպէյճանը նախաձեռնած է այդ յարձակումին, թէ՛ ալ Քոնկրեսի կոչերուն, որոնք կը պահանջեն, երկկուսակցական հիմքով, պատժամիջոցներ հաստատել Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչակարգերուն դէմ:
Ըստ Համբարեանի, Միացեալ Նահանգներու անգործութիւնը արդէն շատ անմեղ կեանքեր արժած է: