ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
1972-ին Լիբանանի մայրաքաղաք` Պէյրութի մէջ ծնած Քրիստափոր Անդրանիկ Արթին, 1980-ական թուականներուն, հանդերձ ընտանեօք Քանատա տեղափոխուած եւ հոն հաստատուած, փոքր տարիքէն մեծ եւ յատուկ սէր մը ունեցած է իր հայրենիքին նկատմամբ:
Ապա ան Քանատայէն տեղափոխուեցաւ Կապան եւ հոն կազմեց իր ընտանեկան բոյնը` պսակուելով Գայիանէ Շահվերդեանի հետ եւ ունեցաւ աղջիկ զաւակ մը` Արազ անունով:
Ան հոն եղաւ ՀՅԴ Կապանի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ:
Քանատայի մէջ ան եղած է ՀՅԴ պատանեկան միութեան դաստիարակ եւ վարիչ-առաջնորդ: Անոր զրոյցներուն բովանդակութիւնները միայն ու միայն կը բուրէին հայրենաշունչ եւ ազգանուէր խօսքեր: Ան մեծ համբերութեամբ լսել գիտէր, կը յարգէր բոլորը անխտիր եւ իր դէմքին միշտ ունէր քաղցր ժպիտ:
Ան ունէր յստակ, խիզախ եւ անդառնալի որոշում մը` նոյնիսկ իր կեանքին գնով տեսնել ամբողջական Հայաստան մը:
Բառին բուն առումով ան ծառայեց հայրենիքի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին, ո՛չ մէկ ատեն տատամսեցաւ մեկնելու պատերազմի գօտի, պաշտպանելու համար հայրենիքին սահմանները` ազրպէյճանցի թշնամիէն:
Նախապէս արցախեան պատերազմին ընթացքին թշնամիին դէմ պայքարած եւ յաղթանակի կերտման մէջ իր ներդրումը ունեցած Քրիստափոր Արթին այս անգամ եւս ուղղուեցաւ Արցախ, իր ունեցած կարեւոր փորձառութեամբ դարձեա՛լ օժանդակելու հայ ազատամարտիկներուն:
6 հոկտեմբեր 2020-ին ան նահատակուեցաւ Արցախի մէջ, հայրենիքի հողին վրայ, հայրենիքի հողը պաշտպանելու ընթացքին:
Թէեւ ան այժմ առյաւէտ բաժնուած է մեզմէ, բայց անոր քաղցր յիշատակը պիտի մնայ վառ` մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, իբրեւ ազգանուէր հայորդի:
Յաւերժ փա՛ռք ու պատի՛ւ մեր անմահ հերոս Քրիստափոր Արթինին: