Ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Փուփոնի իր թուիթըրեան էջին վրայ յայտնած է, որ կը պատրաստուի այսօր խորհրդարան ներկայացնել Արցախի անկախութեան ճանաչման մասին բանաձեւ` ստորագրուած քանի մը երեսփոխաններու կողմէ:
«Իբրեւ երեսփոխան կը շարունակեմ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ: Վաղը իբրեւ առաջին ստորագրող, քանի մը երեսփոխաններու ստորագրութիւն ունեցող բանաձեւ պիտի ներկայացնեմ խորհրդարան, որպէսզի թեր քուէարկէ Արցախի ճանաչման եւ հայերու` իրենց հողին վրայ ապրելու իրաւունքին», գրած է ան: