ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ մարդասիրական զինադադար հաստատելու: Այս մասին նշուած է համանախագահներուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Համանախագահները մտահոգութեամբ կ՛արձանագրեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ շարունակուող բռնութիւնը: Համանախագահները Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու 10 հոկտեմբերի Մոսկուայի յայտարարութեան համապատասխան կողմերու պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարման ուղղութեամբ` շրջանին համար աղէտալի հետեւանքները կանխարգիլելու համար:
«Համանախագահները դարձեալ կը յայտարարեն, որ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերը անընդունելի են որեւէ պարագայի: Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ հաստատելու մարդասիրական զինադադար, որպէսզի ապահովեն աճիւններու, պատերազմական գերիներու եւ պահպանման տակ գտնուող այլ անձերու վերադարձը, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ համաձայնութիւն գոյացնելու զինադադարի ստուգման մեքանիզմին շուրջ:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրոյցներէն ետք համանախագահները կ՛աշխատին կողմերուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթի առարկայական հարցերուն շուրջ` բանակցային լուծման հասնելու նպատակով», նշուած է համանախագահներուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: