Իսրայէլի Գերագոյն դատարանը մերժած է Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու արգելքի միջնորդութիւնը` հայցը լսելու համար «ոչ բաւարար ապացոյցներ ներկայացնելու պատճառով»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճերուզալեմ Փոսթ»:
Իսրայէլեան օրաթերթը կը նշէ, թէ Պաքուին զէնքի վաճառքը արգիլելու մասին հայցը ներկայացուցած է իսրայէլացի գործիչ Էլի Ճոզեֆ, որ այդ առնչութեամբ հացադուլ յայտարարած է:
Ճոզեֆ իբրեւ ապացոյց լրատուական հաղորդագրութիւններ ներկայացուցած է այն մասին, որ ազրպէյճանական զէնքի 60 առ հարիւրը կը ստացուի Իսրայէլէն, ինչպէս նաեւ վկայութիւններ, որոնց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ներկայ սրումէն քանի մը օր առաջ Իսրայէլ զէնք տեղափոխած է Ազրպէյճան: Ան նաեւ ներկայացուցած է «Միջազգային ներում»-ի լրատուական վաւերագրութիւններն ու զեկուցումը` ապացուցելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու ժամանակ Ազրպէյճան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործէ:
Նախագահող դատաւոր Եոսեֆ Էլրոն յայտարարած է, որ Ճոզեֆի ներկայացուցած ապացոյցները գրեթէ ոչինչ կ՛ապացուցեն այն մասին, թէ իսրայէլեան զէնքը զինուորական գործողութիւններու ընթացքին կ՛օգտագործուի հայերուն դէմ: Անոր համաձայն, ապացոյցները կը մատնանշեն միայն այն, որ Իսրայէլ Ազրպէյճանին վաճառած է զէնքեր, որոնք թերեւս կը պահուին պահեստի կամ պահեստանոցի մէջ` միայն պաշտպանական նպատակներով:
Մէկ օր առաջ խումբ մը իսրայէլացի գիտնականներ յղած են Արցախի Հանրապետութեան մէջ զինուորական գործողութիւններու վերաբերեալ բաց նամակ մը, որով իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին` մինչեւ կառավարութեան եւ Քնեսեթին կողմէ այս հարցի քննարկումը: