«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 6-րդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաղթանակ արձանագրելով Մայեմիի դէմ, իր պատմութեան մէջ 17-րդ անգամ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրին ախոյեան:
Այս 6-րդ մրցումին, անիկա 106-93 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, 4-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին, տիրանալով տիտղոսին: Անիկա վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 2010-ին:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկը («MVP») ճանչցուեցաւ Լէյքըրզի մաս կազմող՝ Լեպրոն Ճէյմզ, որ նշանակեց 28 կէտ: Ան այսպիսով կատարեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իր 260-րդ խաղը:
Այս մէկէն բացի, 35 տարեկան Ճէյմզ, հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ միակ խաղացողը, որ ախոյեան կը հանդիսանայ՝ երեք տարբեր ակումբներու հետ:
Նշենք, որ իր տիրացած տիտղոսներու քանակով, Լէյքըրզ հաւասարեցաւ Պոսթըն Սելթիքսին: