Ազրպէյճանի պետական հարկային ծառայութիւնը կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթային մեծ ընկերութեան` «Շեւրոն»-ի կողմէ երկրին մէջ իր ներկայացուցչութիւնը լուծարելու մասին:
Նախապէս «Շեւրոն»-ը բաժնետէր էր Ազերի-Չիրակ-Կիւնեշլի (ԱՉԿ) հանքավայրերու շահագործման եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան (ՊԹՃ) քարիւղի խողովակաշարի նախագիծերուն մէջ: Սակայն 4 նոյեմբեր 2019-ին ընկերութիւնը համաձայնագիր ստորագրած է Հունգարիոյ «ՄՈԼ» ընկերութեան հետ` Ազրպէյճանի մէջ իր ստացուածքները 1,57 միլիառ տոլարով վաճառելու շուրջ:
Այսպիսով, «Շեւրոն» ապրիլէն ի վեր Ազրպէյճանի մէջ որեւէ նախագիծի մասնակից չէ: