ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ
Լիբանանահայ գաղութը արդէն կլանուած էր իր բազմապիսի հոգերով` ամիսներէ ի վեր յամեցող ընկերային-տնտեսական սուր տագնապը, սղաճը, ապրուստի ծանր ճգնաժամը, «Քորոնա» ժահրի համավարակը, իսկ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի հուժկու պայթումէն ետք հայահոծ շրջանները պատուհասած քանդումը, որմէ անմասն չմնացին նաեւ, դժբախտաբար, Լիբանանի մէջ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանիին տակ գործող հաստատութիւնները եւ կեդրոնները: 27 սեպտեմբերէն ետք ալ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի եւ հայութեան դէմ սանձազերծուած աննախընթաց պատերազմը ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուց…
Այս ծայր աստիճան տագնապալից մթնոլորտին մէջ բաւական քաջ որոշում էր Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին կողմէ, որ անմիջապէս ձեռնարկուեցաւ միութեան երկու կեդրոններուն` «Լեւոն Շանթ» եւ Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններուն վերանորոգման ու վերաբացման աշխատանքին: Երկու կեդրոններուն մէջ ալ վերամուտի ազդանշանը տրուեցաւ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2020-ին: Բնականաբար, խորհրդանշական թուական է, որովհետեւ կը յաջորդէ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին: Իր մշակութային զոյգ կեդրոններուն վերաբացումով Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը հաւատարիմ մնալու սուրբ թարգմանիչներու պատգամներուն` սերունդին ջամբելու հայկական մշակոյթի անկորնչելի արժէքները:
Մեկնելով «Քորոնա» ժահրի համավարակին ստեղծած դժուարութիւններէն` դասաւանդութիւններուն ընթացքին պիտի յարգուին տարրական առողջապահութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան կանոնները: Այս տարեշրջանին համար նաեւ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները նիւթական առումով յատուկ դիւրութիւններ պիտի տրամադրեն իրենց դիմող աշակերտներու ծնողներուն: Ոչ մէկ աշակերտ նիւթական պատճառներով պիտի զրկուի հայ մշակոյթին եւ ընդհանրապէս արուեստին վայելքը ստանալէ, գեղեցիկի, վեհի, մարդկայնութեան արժէքները իրը դարձնելէ:
Երաժշտութիւն, երգ, նուագ, պար, կերպարուեստ, թատրոն: Այս բոլոր ճիւղերուն մէջ գործունէութիւնը դարձեալ սկսաւ Համազգայինի մշակութային զոյգ կեդրոններուն մէջ: Մենք` իբրեւ գաղութ եւ ընդհանրապէս հայութիւն, այո՛, տագնապալի ժամանակաշրջանէ մը կ՛անցնինք, բայց նաեւ մշակոյթով ու արուեստով պիտի յաղթենք մեր առջեւ ծառացած բոլոր տագնապներուն: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը քաջ քայլ մը առած է եւ կ՛երաշխաւորէ կեդրոնները յաճախելիք աշակերտներուն առողջական ապահովութիւնը: Կը մնայ, որ ծնողներն ալ գնահատեն այս քայլը եւ իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի մշակոյթի եւ արուեստի լոյսը: