Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրավիճակին մասին լսած են տեղեկութիւններ, ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները, կարծիքը` ստեղծուած իրավիճակին առնչուած:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ միասնական որոշո՞ւմ պիտի ձեւաւորուի` Սաղաթէլեան յայտնեց. «Ի՞նչ միասնական, որոշակիօրէն Արցախի մասին Դաշնակցութիւնը ներկայացուցած է իր պատկերացումները, մօտեցումները` շատ մանրամասնութիւններով: Վարչապետը ներկայացուցած է տեղեկատուութիւն: Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն ներկայացուցած է իր վերաբերմունքը»:
Ան դիտել տուաւ, որ որոշում չէ տրուած:
Սաղաթէլեան նաեւ յիշեցուց, որ ՀՅԴ-ն եւ 13 այլ կուսակցութիւններ քանի մը օր առաջ հանդէս եկան ռազմավարական դաշինքի կնքման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութեամբ:
«Այստեղ Արցախի անկախութեան հարցի շօշափում եղած է, բայց որոշում ընդունելու տեղը չէր, տեղեկատուական բնոյթի հանդիպում էր, ուր իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր իր դիրքորոշումը ստեղծուած իրավիճակին մասին», նշեց Սաղաթէլեան:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` ան յայտնեց, որ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները, տեսակէտները եւ յառաջիկային կատարուելիքներուն վերաբերող պատկերացումները չեն համընկնիր իշխող ուժի գնահատականներուն: «Ունինք լուրջ մտահոգութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն հնչած են հանդիպումի ընթացքին», շեշտեց ան:
Հապա ՀՅԴ թիկունք կը կանգնէր Հայաստանին եւ Արցախին: Այս յայտարարութիւնը տակաւին յստակ չի հնչէր: Աշխարհով մէկ հայութիւնը միասնակամ է, իսկ Հայաստանի ՀՅԴն դէմ է: Պէտք է փոխել տեղական ղեկավարութիւնը այս օրհասական պահուն սխալ բաներ կը հնչեն: