Նախորդ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեան Ահտ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, երբ 1-0 արդիւնքով տեղի տուաւ Ախա Ահլի Ալէյի դիմաց:
Անսար եւ Նըժմէ յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար՝ Շապապ Պըրժի (2-0) եւ Սալամ Զղարթայի (4-0) դէմ:
Շապապ Ղազիէ յաղթեց Թատամոն Սուրի (1-0), Սաֆա՝ Թրիփոլիի (3-0), մինչ Շապապ Սահել-Պըրժ մրցումը աւարտեցաւ՝ 0-0 հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ Անսար եւ Ախա Ահլի Ալէյ միակ կազմերն են, որ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ: