Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՌԲԿ-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Երեւանի հետ անյապաղ բանակցութիւններ սկսելու պաշտօնական Պաքուի պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Մենք պատրաստ ենք վաղը սկսելու, ատոր համար ամէն ինչ կախեալ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործողութիւններէն, աշխատանքի ժամանակացոյցէն: Մեր կողմը պատրաստ է անյապաղ սկսելու», ըսած է ան: