«Այս պատերազմը թիրախ ունի աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը` Հայաստանի, Լիբանանի, մինչեւ իսկ Հարաւային Ամերիկայի մէջ», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` «Հուրրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով: «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ վարձկաններու մասնակցութիւնը Արցախի գոյամարտին, այս պատերազմը երկու պետութեանց միջեւ բախումներէ կը վերածէ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան դիտել տուաւ, թէ Արցախի պատերազմին զինուորագրուելու կոչ կամ որոշում չէ տրուած Լիբանանի հայկական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ: «Ոչ ոք կրնայ արգելք հանդիսանալ անոր, որ կ՛ուզէ երթալ իր մայր հայրենիքին պաշտպանութեան համար այնպէս, ինչպէս օրին պաշտպանած էինք Լիբանանը», ընդգծեց Բագրատունի եւ աւելցուց. «Ան որ կ՛ուրանայ իր ինքնութիւնն ու արմատները, օր մըն ալ կրնայ ուրանալ իր լիբանանեան պատկանելիութիւնը»:
Բագրատունի յիշեցուց, թէ մեկնողներէն շատեր պատերազմէն առաջ Երեւան մեկնած էին տնտեսական պատճառներով, ոմանք ալ` զբօսաշրջութեան համար: «Աւելի՛ն, հայերու մօտ ազգային զգացումները գերիվեր են, քան անոնց քաղաքական պատկանելիութիւնը կամ կուսակցական հաւատարմութիւնը, եւ փոխադարձաբար` եթէ մենք թերանանք, քննադատութեան կ՛ենթարկուինք խանդավառ երիտասարդութեան կողմէ», շեշտեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ աւելցուց. «Ցարդ մենք կ՛օգնենք մեր բոլոր կարելիութիւններով, ըլլան անոնք քաղաքական, դիւանագիտական, նիւթական թէ քարոզչական իմաստով, բայց զինուորական առումով հայկական բանակը տակաւին պէտք չունի կամաւորներու, անիկա ունի բաւական զարգացած զինամթերք ու բաւարար մասնագէտ-փորձագէտներ»:
Բագրատունի մերժեց կամաւորները «վարձկաններ» որակել, փաստօրէն իրենց գոյութեան, երկրին, ազգին, հողին, ժողովուրդին եւ գոյատեւման պաշտպանները կարելի չէ «վարձկան» կոչել, անոնք դիմադրող մարտիկներ են եւ անոնցմէ շատեր զինուորական ծառայութիւն ալ կատարած են հայկական բանակին մէջ: «Մինչդեռ տարբեր քաղաքացիութիւններու, ցեղախումբերու պատկանողներ երբ կը մասնակցին իրենց չառնչուող պատերազմներու` անո՛նք են վարձկանները, որոնց ինքնութիւնն ու զանոնք բերողները արդէն բացայայտ են բոլորին համար»:
Իսկ այն մասին, թէ արդեօք Լիբանանի միջազգային յարաբերութիւնները կրնա՞ն ազդուիլ լիբանանահայերու` արցախեան պատերազմին մասնակցութենէն` Բագրատունի ըսաւ. «Հայկական հաշուարկներուն մէջ նման նկատառումներ չկան, որովհետեւ հարցը այն չէ, որ լիբանանցիներ կռիւի կը մասնակցին Ազրպէյճանի դէմ, այլ` հայ ժողովուրդը կը զօրակցի իր երկրին եւ ինքնամեկուսացման, չէզոքութեան կամ կրաւորական կեցուածքի վարկածը կարելի չէ կիրարկել, երբ մեր երկիրն ու ժողովուրդը վտանգի մէջ են, եւ իմ իրաւունքս է, որ դիմադրեմ բոլոր կարելի միջոցներով, իմ իրաւունքս է զօրակցիլ ու կողքին կանգնիլ ինքնութեանս եւ արմատներուս, զորս եթէ ուրանամ, օր մըն ալ կրնամ ուրանալ լիբանանեան պատկանելիութիւնս»: