Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շեֆըրի հետ խօսած է այն մասին, թէ Թուրքիան կը հաւաքագրէ եւ Արցախի ու Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ կը տեղակայէ Սուրիայէն ժիհատական խումբերէ ահաբեկիչներ:
«Ես կոչ կ՛ուղղեմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շարունակէ Թուրքիոյ հասկցնել այն, որ շրջանին մէջ զինեալներու տեղակայումը անընդունելի է եւ պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու պատասխանին», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով նշած է ան: