Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Իրան տարիներ շարունակ պայքար մղած է դրացի երկիրներու մէջ ահաբեկիչներու դէմ, որպէսզի զանոնք հեռու պահէ իր սահմաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
«Տարիներ շարունակ մենք պայքարած ենք ահաբեկիչներու դէմ եւ զանոնք ետ մղած մեր սահմաններէն: Այնպիսի մարդիկ, ինչպիսին նահատակ Սիւլէյմանին է, եղած են այդ երկիրներուն մէջ եւ պայքարած անոնց դէմ, որպէսզի ճիշդ այդտեղ սպաննեն ահաբեկիչները, եւ անոնց չարտօնեն մօտենալ մեր սահմաններուն: Մենք Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարած ենք անոնց ժողովուրդին օգնութեամբ: Անթոյլատրելի է, որ որոշ մարդիկ տարբեր պատրուակներով ուզեն ահաբեկիչները Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն բերել Իրանի սահմաններուն մօտ գտնուող շրջաններ, եւ մենք այդ առնչութեամբ մեր դիրքորոշումին մասին ուղղակիօրէն տեղեկացուցած ենք թէ՛ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, թէ՛ ալ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական անձերուն», յայտարարած է ան:
Ռուհանի ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է բոլոր ջանքերը գործադրել, որպէսզի հայ-ազրպէյճանական տագնապը չվերածուի շրջանային պատերազմի եւ երրորդ կողմերը զգուշացուցած է զինուորական գործողութիւններ հրահրելէ:
Իրանի նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան լոյսին տակ Իրանի սահմաններու անվտանգութիւնը պէտք է պահպանուի:
Ան ափսոսանք յայտնած է շարունակուող պատերազմին կապակցութեամբ` կոչ ուղղելով դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները: