«Խաւարի կայսրութիւնը, հիւանդ մարդը կոտորեց հայութեան երկու երրորդն ու տակաւին հանգիստ չէ եւ կ՛ուզէ ամբողջացնել իր սկսած ցեղասպանութիւնը», յայտարարեց լրագրող, հաղորդավար Ղասսան Շամի` անդրադառնալով Արցախի վերանորոգ գոյամարտին:
«Վանայ ձայն»-ի արաբերէն յայտագիրի հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Շամի զարմանք յայտնեց միաժամանակ Ռուսիոյ եւ Իրանի կեցուածքներուն գծով: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կեցուածքի այս փոփոխութիւնը, ակնարկելով կազի եւ նաւթի գործօններու առթած շահագրգռութեան` նշեալ կողմերուն համար: Շամի ստախօս որակեց Թուրքիան` զայն պատասխանատու նկատելով վարձկան արմատական ժիհատականներու արցախեան սահմանագիծ փոխադրութեան:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրող-հաղորդավարը զգուշացուց, որ եթէ անմիջական խաղաղ եւ մնայուն կայունութիւն երաշխաւորող լուծում չգտնուի, աննախընթաց ջարդեր կրնան պատահիլ: Ան շեշտեց Արցախի, ազատամիտներու եւ աշխարհասփիւռ հայերու զօրակցութեան հրամայական պահանջը` Արցախը հաստատ ջարդի պատուհասէն փրկելու համար:
Ղասսան Շամի նաեւ պատասխանատու նկատեց Իսրայէլը, որ Ազրպէյճանին զինամթերք հայթայթելով հետզհետէ կը տեղակայուի Իրանին կից:
Ան իր գրաւը դրաւ հայ ժողովուրդի պայքարի վճռակամութեան վրայ եւ բարձր գնահատեց աշխարհասփիւռ հայութեան ցուցաբերած միասնական զօրակցութիւնը` մաղթելով , որ այս մօտեցումի վարքագիծը միշտ գոյատեւէ: Այսուհանդերձ ան որոշ նկատողութիւններ կատարեց` թելադրելով Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը առաւել եւս ամրագրող պատմական, վաւերագրական եւ մարդաբանական գրքոյկներու, տեսանիւթերու կամ քարոզչական միջոցառումներու հրապարակումը: Ան նաեւ որոշ ուշացում նկատեց Արցախի հարցին միջազգայնացման գծով քարոզչական աշխատանքներուն գծով:
Միւս կողմէ, Շամի թելադրեց երբեք չվստահիլ թուրանական մտածողութեամբ կլանուած թուրք-ազրպէյճանցիներուն` թուրանական մտածողը նկատելով բարձի տակ թողուած օձ մը: