3րդ Դասուած Աւստրիացի Թիեմ
Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Ֆրանսայի մէջ կը շարունակուի թինիսի «Ռոլան-կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Երէկ, աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն արձանագրուեցաւ մեծ անակնկալ մը, երբ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 131-րդ դիրքին վրայ գտնուող արժանթինցի Նատիա Փոտորոսքա, մրցաշարքէն դուրս ձգեց 3-րդ դասուած ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինային, արձանագրելով՝ 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 1 ժամ 19 վայրկեան:
Մնալով աղջկանց մրցումներուն մէջ, թունուզցի Օնս Ժապէօր (դասուած՝ 30-րդ), չկրցաւ հասնիլ քառորդ աւարտականին, երբ պարտուեցաւ ամերիկացի Տանիել Ռոզ Քոլինզէն, 4-6, 6-4 եւ 4-6 արդիւնքով:
Տղոց պարագային, 3-րդ դասուած աւտրիացի Տոմոնիք Թիեմ, չկրցաւ ապահովել կիսաւարտականին իր տոմսը, երբ 6-7, 7-5, 7-6, 6-7 եւ 2-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց արժանթինցի Տիեկօ Շվարցմանէն: