Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի երկուշաբթի օր տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Հայաստան ազրպէյճանական հողերէն մասեր գրաւեց եւ պէտք է անոնցմէ հեռանայ ու վերադառնայ միջազգային սահմաններուն: Հայաստան պէտք է լքէ ազրպէյճանական շրջանները, որոնք բռնագրաւած է, սակայն ատիկա չի կրնար զինուորական ճամբով իրագործուիլ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ի արաբերէն ծառայութիւնը:
Վիլայեթի նշած է, որ աւելի քան մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներ գաղթական դարձած են Հայաստանի կողմէ իրենց շրջաններու բռնագրաւման պատճառով: «Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի հողերու բռնագրաւման նկատմամբ մեր կեցուածքը սիոնական գոյացութեան կողմէ պաղեստինեան հողերու բռնագրաւման նկատմամբ մեր կեցուածքին նման է», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդականը:
«Հայաստան Ղարաբաղի կողքին ազրպէյճանական 7 շրջաններ գրաւած է, եւ պէտք է միջազգային որոշումներու հիմամբ անոնցմէ հեռանայ», ըսած է ան` շեշտելով. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի: Լուծումը պէտք է գտնուի քաղաքական ճամբով, ուստի դէմ ենք երկու կողմերէն որեւէ մէկէն զինուորական որեւէ քայլի»:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կարծիքով` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը կը հակասէ հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդի շահերուն եւ կը վտանգէ շրջանի ապահովութիւնը:
«Իսրայէլ եւ Թուրքիա կը միջամտեն Ղարաբաղի պատերազմին մէջ եւ զայն կը հրահրեն», ըսաւ Վիլայեթի` շեշտելով, որ իսրայէլեան կողմը իրաւունք չունի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ներկայ ըլլալ կամ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տագնապին մէջ իր կարծիքը յայտնել:
«Թուրքիոյ մէջ մեր բարեկամները կը յորդորենք ազրպէյճանական բռնագրաւեալ շրջաններու ազատագրման նպաստելու` տագնապի բոցերուն վրայ իւղ թափելու փոխարէն, եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք շրջանի երկիրներու կողքին Ազրպէյճանի մէջ անիրաւուածներու պաշտպանութեան ու անոնց հողերու ազատագրման օգնելու», աւելցուցած է ան:
«Թուրքիան պէտք չէ արտօնէ, որ արիւնահեղութիւնը Ազրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրման դիմաց ըլլայ: Ֆրանսան եւս այս տագնապին միջամտելու իրաւունք չունի», շեշտած է Վիլայեթի:
Ան յայտնեց, որ իր երկու դրացիներուն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի ծագիլը Իրանի շահերէն չի բխիր` նշելով. «Իսլամներն ու քրիստոնեաները երկու երկիրներուն մէջ լիարժէք կերպով ապահով ու կայուն պէտք է ապրին»: