Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատու գրասենեակին, անցնող շաբաթ «Էլ.Պի.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողական խումբը գործուղուեցաւ Արցախ եւ ուղղակի սփռումներ կատարեց պատերազմի դաշտէն, Ստեփանակերտէն եւ այլ շրջաններէն: Այսօր, դարձեալ տեղեկատու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, «Էմ.Թի.Վի.» եւ «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողական խումբեր կը գործուղուին Արցախ, անոնց կ՛ընկերակցի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Էլի Թաշճեան: