ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լենա Գազանճեան-Գալուստեան եւ զաւակները` Շանթ եւ Փաթիլ
Օրդ. Սիլվա Գալուստեան
Օրդ. Սեդա Գալուստեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Գազանճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարի Արսլանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սալբի Թերզեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Նախնիկեան եւ զաւակունք
Տիկին Էլիզ Բարսեղեան եւ զաւակունք
Գալուստեան եւ Գազանճեան ընտանիքներ
Նախնիկեան եւ Բարսեղեան ընտանիքներ
Տագէսեան եւ Քոյունեան ընտանիքներ
Արսլանեան եւ Թերզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
(Քանդակագործ եւ ճարտարապետ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
«Քորոնա» ժահրին ստեղծած պայմաններուն բերմամբ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան եւ հեռաձայնով:
————————————-
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2020-2021 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի դասաւանդութիւնները պիտի վերսկսին 23 հոկտեմբեր 2020-ին: Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 5:30-8:00, եւ կը շարունակուին մինչեւ 27 մայիս 2021:
Այս տարեշրջանին համար նախատեսուած են նոր դասանիւթեր, որոնք պիտի դասանդուին հիւր դասախօսներու կողմէ:
Այս անվճար դասընթացքին հետեւողները պարտին ունենալ նուազագոյնը երկրորդական վարժարանի համապատասխան վկայական:
Նոր թէ նախորդ ուսանողներ արձանագրութեան կամ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնան ներկայանալ կաթողիկոսարանիս կրթական-հայագիտական բաժանմունքի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 8:30-12:00: Հեռաձայնի թիւ` 04/410001:
ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
————————————-
ՊԱՇՏՕՆԵԱՅԻ ԿԱՐԻՔ
Vresso հաստատութիւնը Իրաքի իր գրասենեակին համար կարիքը ունի հաստատութեան ներկայացուցիչի մը, որ փորձառութիւն ունենայ գրասենեկային աշխատանքներու եւ վաճառքի մարզին մէջ: Կը խնդրուի «Սի.Վի.»-ն ղրկել`
————————————-