Wednesday Jun 19, 2013

ԸՍՏ ՊԼԵԹԸՐԻ ՓԼԱԹԻՆԻ ՖԻՖԱ-Ի ՇԱՏ ԼԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ

By adminx - Thu Jan 19, 7:56 am

Սեփ Պլեթըր

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր ֆրանսական «Ֆրանս-ֆութպոլ» մարզաթերթին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինի բոլոր տուեալները ունի ՖԻՖԱ-ի շատ լաւ նախագահ մը ըլլալու:

75 տարեկան զուիցերիացին, որ մինչեւ 2015 պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, ըսաւ. «Ան այդ պաշտօնին համար այժմէն իսկ պատրաստ է, թէեւ ինք կ՛ըսէ, թէ ցարդ ատկէ վստահ չէ: Նոր ժամանակաշրջանի մը համար թէեւ չեմ ուզեր իմ թեկնածութիւնս առաջադրել, սակայն ամէն գնով կ՛ուզեմ շատ լաւ նախագահ մը պատրաստել, որ այս պարագային ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ ֆրանսացի Փլաթինի»:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement