Քանի մը տասնեակ հանրապետական եւ դեմոկրատական քոնկրեսականներ հինգշաբթի օր նամակ ուղարկած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին` կոչ ուղղելով շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով նամակի հեղինակներէն Էտըմ Շիֆի կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան:
«Կը գրենք, որպէսզի մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնենք ազրպէյճանական նախայարձակումին վերսկսման առնչութեամբ: Կը խնդրենք, որպէսզի վարչակազմը լարուածութիւնը նուազեցնելու, զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Ազրպէյճանին հետագայ յարձակողական գործողութիւններէն ետ կանգնեցնելու համար օգտագործէ բոլոր դիւանագիտական գործիքները», կը նշուի 49 ամերիկացի օրէնսդիրներու կողմէ ստորագրուած նամակին մէջ:
Փաստաթուղթին հեղինակները Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղեն «յստակ եւ հաստատօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի անհիմն յարձակումը եւ անոր հասկցնելու, որ եթէ զսպուածութիւն չցուցաբերէ, ապա Միացեալ Նահանգներու կողմէ անօր օգնութեան շարունակական տրամադրումը կասկածի տակ պիտի դրուի»:
Բացի ատկէ, քոնկրեսականները արտաքին գործոց նախարարէն կը խնդրեն աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յորդորելու խուսափելու յարձակողական նպատակներով ուժի կիրարկումէն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին ստիպելու համաձայնիլ շփման գիծին երկայնքին միջազգային հսկողութեան: Բացի ատկէ, օրէնսդիրները անհրաժեշտ կը նկատեն Թուրքիոյ հետ բարձր մակարդակով փոխադարձ գործակցումը, որպէսզի անոր հասկցնել տան, թէ «Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւններուն աջակցութիւնը կործանարար ազդեցութիւն կ՛ունենայ խաղաղութեան եւ շրջանային կայունութեան վրայ»:
«Այս գործողութիւնները նախագահ Ալիեւի եւ անոր վարչակարգի աւելի ռազմատենչ հռետորաբանութեան շարունակութիւնն են Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ: Անոնց շարունակական եւ համակարգուած բնոյթը յստակ ցոյց կու տայ, որ այս յարձակումը որակապէս կը տարբերի արձակազէններու կրակոցի եւ հրետանային ռմբակոծումներու կիրարկմամբ նախորդ բախումներէն: Կ՛երեւի, որ ատիկա ծրագրուած զինուորական գործողութիւն է», նշած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամները:
Անոնց համաձայն, առաւել մտահոգիչ է այն փաստը, որ «Ազրպէյճան Թուրքիայէն նիւթական օգնութիւն ու աջակցութիւն կը ստանայ»:
«Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը կը մեծցնէ երկարատեւ շրջանային տագնապի վտանգը, որ պիտի դառնայ մարդասիրական աղէտ եւ պիտի խաթարէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան կարեւոր առաջնահերթութիւնները», ընդգծած են քոնկրեսականները:
«Մեր կարծիքով` զինուորական գործողութիւններու այս նոր շրջանը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դէմ հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերող ամերիկեան քաղաքականութեան տապալման յաւելեալ ապացոյց է: Միացեալ Նահանգներն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս անդամները շատ երկար ժամանակէ ի վեր կեղծ հաւասարութեան նշան դրած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` հակառակ ատոր որ վերջինս անընդհատ պատերազմով կը սպառնայ եւ կը մերժէ շփման գիծին երկայնքին հսկողութեան հաստատումէն: Վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու զինուորական օգնութիւն տրամադրած է Ազրպէյճանին` ակնյայտօրէն չկարենալով կամ չուզելով Ալիեւի կառավարութեան ստիպել հրաժարիլ յարձակողական զինուորական գործողութիւններէն կամ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներէն: Այս քաղաքականութիւնը ձախողած է, եւ մենք պէտք է այլ ուղի գտնենք», վստահ են ամերիկացի օրէնսդիրները: