Երէկ տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու ընդհանուր վարչութենէն, զրուցակիցները շարունակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի քննարկումը եւ խոր մտահոգութիւն յայտնած շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն առնչութեամբ: Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնած են ռազմական գործողութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքէն օտարերկրեայ ահաբեկիչներու եւ անօրինական ռազմական խմբաւորումներու մասնակցութեան առնչութեամբ:
Հայաստանի վարչապետը վերստին ուշադրութեան հրաւիրած է Թուրքիոյ խիստ ապակայունացնող վարքագիծին եւ ռազմական գործողութիւններուն միջամտելու հանգամանքին վրայ: Ռուսական կողմը կարեւոր նկատած է ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցումը եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսումը` համաձայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններու ղեկավարներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան: Ձեռք բերուած է շփումները շարունակելու պայմանաւորուածութիւն:
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն`
Նաեւ Մաքրոնի Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ ռազմական գործողութիւններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է պատերազմը սանձազերծելու անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի սկզբունքային եւ կառուցողական դիրքորոշման համար: Կողմերը անթոյլատրելի նկատած են օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու ներգրաւումը ռազմական գործողութիւններուն մէջ:
Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատած է ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցումը եւ խաղաղ գործընթացի վերականգնումը` համաձայն Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան:
Խաղաղութեան հաստատման ծիրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ անոնց երկիրներուն սերտ համագործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարութիւն տարածած է, որուն համաձայն յաջող հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, եւ առաջարկած է Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցութիւնները վերսկսելու նոր մեթոտ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Նախագահ Մաքրոն ըսած է, որ աշխատանքը պէտք է սկսի ուրբաթ երեկոյէն, քանի որ ինք աշխուժացուցած է միջնորդի իր ջանքերը` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ:
Նախագահ Մաքրոն կրկնած է նաեւ զինադադարի իր կոչը: