Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս եւ ֆլամանական բարեկամութեան խումբերու երկու տասնեակ անդամներ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի:
Պելճիքայի ֆրանսախօս խումբը, որ կազմուած է տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող Պելճիքայի դաշնակցային եւ շրջանային խորհրդարաններու ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններէն, շարք մը քաղաքներու աւագանիի անդամներէն եւ քաղաքապետներէն, ինչպէս նաեւ դասախօսներէ, իրաւաբաններէ եւ հասարակական գործիչներէ, իր մտահոգութիւնը յայտնած է մասնաւորաբար խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորելու Ազրպէյճանի մարտավարութեան եւ տագնապին մէջ Թուրքիոյ անթոյլատրելի ներգրաւուածութեան առնչութեամբ: Անոնք նաեւ կոչ ուղղած են Ազրպէյճանին ընդունելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմը եւ սահմանէն հեռացնելու արձակազէնները:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար նշուած է. «Մենք մեր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի բնակչութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան` ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւններուն: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման այլընտրանք չի կրնար ըլլալ»:
Արցախի հետ Պելճիքայի ֆլամանական բարեկամութեան խումբի անդամները եւս խորին անհանգստութիւն յայտնած են թրքամէտ սուրիացի ժիհատականներուն ներգրաւման առնչութեամբ: Խումբին տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք անյապաղ զինադադարի կոչ կ՛ուղղենք եւ կողմերը կը յորդորենք նստիլ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Տասնամեակներու անկայունութենէն ետք Արցախի ժողովուրդը արժանի է խաղաղութեան եւ կայուն ապագայի` հիմնուած ինքնորոշման իրաւունքի վրայ»:
Բարեկամութեան խումբերու յայտարարութիւնները մեկնաբանելով` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Ազրպէյճանաթրքական առանցքի նոր օսմանական նկրտումները եւ սանձազերծուած յարձակումը դատապարտուած են ձախողութեան: Աւելի՛ն, միջազգային ընտանիքը քաջ կը գիտակցի, թէ ո՛վ կ՛ապակայունացնէ իրավիճակը եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արցախին եւ իր ժողովուրդին»: