Արցախի հերոսամարտին գծով լիբանանեան զանազան շրջանակներ եւ անձնաւորութիւններ կը շարունակեն դատապարտել թուրք-ազրպէյճանական հակահայ յարձակումներն ու սադրանքները` զօրակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին:
Երեսփոխան Անթուան Փանօ իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կատարած գրառումով դատապարտեց յարձակումները` զօրակցութիւն յայտնելով պայքարող հայ ժողովուրդին, որ կը կազմէ Արցախի բնակչութեան 95 առ հարիւր համեմատութիւնը:
«Գաղութարար եւ ծաւալապաշտ Օսմանեան կայսրութեան վերակենդանացման երազը կը տրորէ Թուրքիան` Կիպրոսի եւ Լիպիոյ մէջ եւ այլուր: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ` հայ ժողովուրդին դէմ վերանորոգուող բռնարարքներով տագնապի մը շուրջ, զոր Պաքու Անգարայի զօրակցութեամբ հրահրեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ», կ՛ընդգծէ երեսփոխան Փանօ` «Թուիթըր»-ի իր գրառումով:
Լիբանանցի ծանօթ երգչուհի Էլիսա իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայերուն` «արժանի են խաղաղութեան եւ գերիշխանութեան» գրելով դիմատետրի իր էջին վրայ:
Լիբանանցի նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ ողջունեց գոյատեւող ու թրքական ծաւալապաշտ ախորժակներուն դէմ տոկացող հայ ժողովուրդը, որ դասեր կու տայ տագնապներէն վեր կանգնելու եւ անցեալի ջարդերը հերքող բռնատէրերը դիմակալելու խիզախութեան: Լահուտ Թուրքիոյ կեցուածքը անտրամաբանական եւ հակակշիռէ դուրս որակեց` զայն նկատելով Արցախի դէպքերու գլխաւոր պատասխանատու: Այս մասին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ Լահուտ մօտալուտ նկատեց Թուրքիոյ նախագահին վերջաւորութիւնը, այնպէս ինչպէս վերջ գտած էր Օսմանեան կայսրութիւնը: Լահուտ դատապարտեց Թուրքիոյ սանձարձակ ոտնձգութիւնները` Յունաստանի եւ Արցախի գծով, ուր ան վարձկան ահաբեկիչներով կը փորձէ հետապնդել իր պատմական ծաւալապաշտ ախորժակները:
Քաղաքական վերլուծաբան Ասաատ Ապու Խալիլ բազմաթիւ անգամներ կրկնած է «Արցախ եւ ոչ Լեռնային Ղարաբաղ» արտայայտութիւնը` դիմատետրի իր էջին վրայ փորձելով ամրագրել ու հաստատել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը:
Դերասան Եուսեֆ Հատտատ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով կ՛ըսէ. «Մենք տառապեցանք վայրի թշնամիի գրաւումէն ու յարձակումէն, բայց կրցանք յաղթել. դուք ալ պիտի կարենաք յաղթել` շնորհիւ ձեր միասնութեան եւ իրաւունքի ուժին»: Ան Հայաստանը կը նկարագրէ իբրեւ հաւատքի եւ սրբութեան հող, խաղաղութեան, միտքի եւ մշակոյթի երկիր, բարիքի, համեստութեան եւ համերաշխութեան հող, որ երբեք չի կքիր` շնորհիւ իր պաշտպան Յիսուսին եւ քաջարի զինուորներուն ու ժողովուրդին:
Լիբանանցի լրագրող, քաղաքական մեկնաբան Ղասսան Ժաուատ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը կ՛որակէ ցեղային ու քաղաքական բնոյթով եւ ոչ իբրեւ կրօնական տագնապ: Ըստ անոր, Իրան չէզոք կեցուածք կը ցուցաբերէ, եւ հայեր կ՛ըմբռնեն անոր այս կեցուածքը:
Ասորական Խապուրի պահապաններու խորհուրդը բարոյական, սրտանց, ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդին: «1915-ին մեր արիւնները շաղախուեցան օսմանցի թշնամիին ձեռամբ, եւ այսօր Արցախի Հանրապետութիւնն ու առհասարակ Հայաստանը յարձակումի կ՛ենթարկուին Ազրպէյճանի կողմէ: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին` ընդդէմ Ազրպէյճանին եւ անոր աջակիցներուն», կը նշուի խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: