Wednesday Jun 19, 2013

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՀԵՏ

By adminx - Thu Jan 19, 7:41 am

Սէյիտ Հիւսէյն եւ նախարար Սապունճեան կը փոխանակեն ստորագրուած փաստաթուղթերը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, Գիտական հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մույին Համզէ եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ, նախարարութեան եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ գործակցութիւնը պիտի աշխուժանայ եւ կարելի պիտի ըլլայ զօրակցիլ ուսանողներուն այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղակի առնչուած են երկրին ճարտարարուեստի մարզին կարիքներուն հետ:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ համաձայնագիրին նպատակն է ուսանողին ապահովել թէ՛ ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ թէ՛ գործատէրերուն զօրակցութիւնը:

Իր կարգին, Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն նկատել տուաւ, որ երկրին ակադեմական ծրագիրները ուղղակիօրէն կապ պէտք է ունենան աշխատանքի դաշտին եւ ճարտարարուեստի մարզին արդիւնաբերութեան հետ:

Համզէ նշեց, որ համալսարաններուն եւ հետազօտութեանց կեդրոններուն մէջ կան այնպիսի կարողութիւններ, որոնք կրնան ամրապնդել լիբանանեան ճարտարարուեստը:

Միւս կողմէ, Աֆրամ յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանի կարողութիւններով կարելի է երկրին տնտեսական քարտէսը փոխել եւ բարելաւումի ենթարկել:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement