Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) քարտուղարութիւնը կը սպասէ Հայաստանի դիմումին, որպէսզի քննարկէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բնակավայրերը թիրախաւորելու հարցը։
ՀԱՊԿ-ի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով պատասխանած է , Արմէնփրես-ի այն հարցումին, թէ կազմակերպութիւնը արդեօք կը պատրաստուի՞ քննարկելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծութեան խնդիրը։
Որպէսզի այդ հարցը ՀԱՊԿ-ի մէջ քննարկուի, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ին դիմէ՝ համապատասխան խնդրանքով։ Այդպիսի խնդրանք ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը տակաւին չէ ստացած, ըսաւ Զայնեթտինով։