«ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐ ՉՋԱՐԴԵՑ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՈՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
By adminx - Thu Jan 19, 7:24 am
Արամ Ա. կաթողիկոս երեքշաբթի, 17 յունուար 2012-ին ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետ Հարես Շեհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքը ներկայացնող անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան վերոյիշեալ յանձնախումբին կատարած աշխատանքը անցնող ամիսներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին յառաջիկայ հանդիպումներուն օրակարգի կարգ մը հարցերը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն, եւ յատկապէս` քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն կաթողիկոսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային համագումար մը քրիստոնեայ ու իսլամ ղեկավարներու մասնակցութեամբ` նիւթ ունենալով քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանին մէջ եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան` վեհափառը ըսաւ. «Թուրքիան իր երկրին քրիստոնեայ համայնքները թող պաշտպանէ եւ ապա շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքները պաշտպանելու դերը ստանձնէ: Թուրքիան նախ իր հայրերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը ընդունի, հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւնը վերահաստատէ, եւ ապա մարդկային իրաւունքներու ջատագովը դառնայ»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, թէ «կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետեր յատուկ խանդավառութեամբ կ՛ընդունին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ կ՛ընդառաջեն Թուրքիա այցելելու անոր հրաւէրին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիան միայն մէկուկէս միլիոն հայեր չջարդեց, այլ նաեւ` քրիստոնեաներ ու իսլամներ ջարդեց թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Լիբանանի մէջ: Պէտք չէ մոռնալ անցեալը եւ անցեալի մեր դառն փորձառութենէն պէտք է դասեր քաղել ապագայի հաշւոյն»:
Յայտնենք, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանի դերը ստանձնած Թուրքիոյ կատարած փորձերուն գծով, վեհափառը նոյն մտահոգութիւններն ու տեսակէտները բաժնեց նաեւ անցնող օրերուն իրեն այցելած քաղաքական թէ հոգեւոր պատասխանատունետուն հետ:






