Լիբանան կը շարունակէ տապլտկիլ իր ապրուստի, տնտեսական, առողջապահական, ապահովական, ընկերային ու քաղաքական հարցերու կծիկներուն մէջ: Այս բոլորի լուծման խրթին փորձերուն գինը կը վճարէ քաղաքացին` ի հեճուկս իր օրապահիկին, առողջութեան եւ ապագայի տեսլականի իրագործման կարելիութեան:
Փաստօրէն, հակառակ լիբանանեան կարգ մը կողմերու պնդած վարկածին` Լիբանանը հեռու պահելու շրջանի հարցերու «լուծման ծուղակներէն» եւ ինքնաբաւ գոյատեւելու, արտաքին կողմերու ներկայացուցիչներ իրե՛նք ինքնակոչ միջամուխ կը դառնան Լիբանանի հարցերուն, իւրաքանչիւրը մեկնելով շրջանի, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ ազդեցութեան գօտիի «ոտնահետքեր» հաստատելու եւ պահելու հեռանկարներէն: Այլ խօսքով, անոնցմէ ոչ մէկ կողմ Լիբանանի «սեւ աչքերու սիրոյն» կ՛ուզէ նիւթական օժանդակութեան յատկացումներ կամ խոստումներ կատարել:
Այս իմաստով ցուցանիշ է օրինակ` վերջերս քողազերծուած ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին խոստովանութիւնը, թէ տասը միլիառ տոլարի յատկացում կատարուած է Լիբանանի ընդդիմադիր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, կարիքաւորներու ու այլ պէտքերու` միաժամանակ խոստանալով 21 միլիառ տոլարի նոր օժանդակութիւն կատարել «ժողովրդային շարժում»-ին պահանջած բարեկարգումներու իրագործման:
Տարբեր չէ Ֆրանսայի պարագան, որ կը խոստանայ «ձերբազատել» «Սետր»-ով խոստացուած նիւթական յատկացումները եւ յաւելեալ օժանդակութիւններ հայթայթել միջազգային բարերարներու կողմէ, որոնց նորագոյն մէկ ելեկտրոնային հանդիպումը կը նախատեսուի յառաջիկայ հոկտեմբերին: Աւելի՛ն. շրջանային թէ միջազգային բարձրաստիճան ղեկավարներ մօտերս կը սպասուին Լիբանան, անոնք քուլիսային թէ բացայայտ հաղորդակցութիւններով պիտի փորձեն ճշդել Լիբանանի աշխարհաքաղաքական դիրքը Միջին Արեւելքին համար ծրագրուող նոր դասաւորումին մէջ: Այլ խօսքով, Լիբանան իր աշխարհաքաղաքական դիրքի կարեւորութեան բերումով եւ իր այլազան հոգերու լուծման պիտակին տակ խթան հանդիսացած ու առանցքային խաղաքարտի վերածուած է շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու ձեռքին:
Այս բոլորի լոյսին տակ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թնճուկը տակաւին կը մնայ անլոյծ, եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, կրնայ այդպէս շարունակել, սպասելով միջազգային ժամկէտներու իրագործման, ինչպէս` ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնները եւ նոր նախագահի որդեգրելիք քաղաքական վարքագիծը: Այլ աղբիւրներ կը նախատեսեն հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան վերաշխուժացումը` մինչեւ արտաքին պատկերներու յստակացումը: Իսկ ուրիշներ աւելի յոռետես են եւ կը խորհին կացութեան տեղքայլն ու ժողովրդային ցասումի սաստկացումը տարբեր վայրերու մէջ, առաւել եւս բարդացնելով երկրի ապրուստի պայմանները:
Սպասելով Մաքրոնի, Լաւրովի եւ Շենքերի մօտալուտ ժամանումներուն` որոշ պարզաբանում մը կարելի է սպասել այսօր երեկոյեան նախատեսուող այն պատգամէն, որ պիտի արտասանէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա: