Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սեպտեմբեր 28-էն երկիրի ամբողջ տարածքին զինուորական դրութիւն պիտի հաստատեն: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը հրամանագիր հրապարակած է երկրի շարք մը քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ զինուորական դրութիւն հաստատելու մասին: Այս մասին եւս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:
Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքին փոխանցմամբ` Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան տրուած են կրակմարի ժամ յայտարարելու վերաբերեալ լիազօրութիւնները: