Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւնները եւս յայտարարութիւններ կատարած են արցախեան շփման գիծին մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն մասին:
Իշխանական դաշինքին անդամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տէյվիտ Պահչելին Երեւանը մեղադրած է «Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութիւն ստեղծող, զաւթողական քաղաքականութիւն վարելու մէջ` յայտարարելով, թէ զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը սպառնալիք է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան»:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Էնկին Էօզքոչ միացած է իշխանական վերնախաւին` Ազրպէյճանին սատարող յայտարարութիւններուն: Կուսակցութեան թուիթըրեան էջին վրայ եւս Հայաստանին դատապարտող հրապարակումներ կատարուած են:
Խորհրդարանական ուժերէն միայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` զերծ մնալու լարուածութիւնը սրող գործողութիւններէն:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սկսած բախումները կրնան վերածուիլ լայնածաւալ պատերազմի: Թուրքիան պէտք է միջնորդական ջանքեր գործադրէ` ոչ թէ պատերազմի ընդարձակման, այլ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ», ըսուած է կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ: