Միացեալ Նահանգներ իրանական շարք մը կառոյցներու եւ իրանցի անձնաւորութիւններու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեց` մարդու իրաւունքներու խախտման համար: Ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթարկուածներուն շարքին է դատաւոր մը, որ առնչուած է իրանցի ըմբշամարտիկի դատին, որուն ընթացքին ան դատապարտուած է մահապատիժի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ պատժամիջոցներ հաստատուած են դատաւորներ սէյիտ Մահմուտ Սատաթիի եւ Մոհամետ Սուլթանիի դէմ, ինչպէս նաեւ Շիրազի յեղափոխական դատարանի առաջին մասնաճիւղին ու Ատելապատ, Ուրմիա եւ Ուաքիլապատ բանտերուն դէմ:
Իրանի եւ Վենեզուելայի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Էլիըթ Ապրամզ իր կարգին յայտնեց, որ պատճամիջոցները թիրախ դարձուցած են դատաւոր մը, որ մահապատիժի դատապարտած է իրանցի ըմբշամարտիկ Նովիտ Աֆքարին, որ այս ամիս մահապատիժի ենթարկուեցաւ 2018 թուականի բողոքի ցոյցերուն ընթացքին ապահովութեան աշխատակից մը դանակոծելով սպաննելուն համար:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ քանի մը օր առաջ նոր պատժամիջոցներ հաստատած էին Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին մասնակիցներու դէմ: Ուաշինկթըն այդ քայլին դիմած էր Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները ինքնագլուխ վերականգնելու իր որոշումը յայտարարելէն ետք:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ ձախողած էին այդ պատժամիջոցներուն վերականգնումը ապահովել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ այս շաբթուան ընթացքին իր մօտ կանչած է Փարիզի մէջ Իրանի դեսպանը, եւ բողոքած Իրանի մէջ մարդու իրաւունքներու «վտանգաւոր ու շարունակական» խախտումներուն դէմ: