ԲՀԿ, ՀՅԴ եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբը կը հաղորդէ, թէ երէկ` ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շենգաւիթի նստավայրին մէջ, «Հայրենիք» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արսէն Բաբայեանի, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեանի եւ ԲՀԿ-ի ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրապեանի կողմէ ներկայացուած բողոքներու քննութիւնը յետաձգուեցաւ` աշխատանքային ժամու աւարտին պատճառով:
30 յունիսին «Հայրենիք»-ը, ԲՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն իշխանութեան իւրացման եւ սահմանադրական կարգի տապալման դէպքերու առիթով յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած էին Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւն: Վերջինս, սակայն, մերժած էր քրէական գործի յարուցումը:
Յանցագործութեան մասին քաղաքական երեք ուժերու հաղորդման հիման վրայ քրէական գործի յարուցումը մերժած էր նաեւ դատախազութիւնը, որուն յաջորդած էր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու բողոքը առաջին ատեանի դատարան:
Յիշեցնենք, որ գործը կը վերաբերի Սահմանադրութեան ապօրինի փոփոխութեան ընթացքին թոյլ տրուած բազմաթիւ յանցագործութիւններուն: