Սահմանադրական դատարանի նախագահի միակ թեկնածուն Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Երուանդ Խունդկարեանն է: Այդ մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Սահմանադրական դատարանի նորընտիր դատաւոր Էտկար Շաթիրեան` աւելցնելով, որ նիստը պիտի շարունակուի 25 սեպտեմբերին:
«Առայժմ քուէարկութիւն տեղի չէ ունեցած: Ինքնաառաջադրուած է մէկ թեկնածու: Դատաւորներէն մէկը եւս առաջադրեց մէկ թեկնածու, որմէ ետք այդ թեկնածուն ինքնաբացարկ յայտնեց: Ըստ էութեան թեկնածուն մէկն է», յայտնեց Շաթիրեան:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումին, թէ ո՛վ է թեկնածուն` Շաթիրեան նշեց, որ անունը առցանց լրատուամիջոցներուն յայտնի է:
Ըստ էութեան, Շաթիրեան չհերքեց մամուլին մէջ շրջան ընող այն լուրը, որ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանի կողմէ առաջադրուած թեկնածուն Աշոտ Խաչատրեանն է, իսկ ինքնաառաջադրուած թեկնածուն` Խունդկարեանը:
«Ինքնաառաջադրուած թեկնածուն ունեցաւ ծրագրային ելոյթ, որուն յաջորդեց հարցուպատասխանը: Դատաւորներուն մէկ մասը արդէն իսկ ուղղեցին իրենց հարցումները թեկնածուին: Այլ հարցադրումներ եւս կան», յայտնեց ան: