Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով
Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 32.805-ի,
Իսկ Մահուան Պարագաներունը` 329-ի
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 32.805-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1027 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 1006-ը` տեղացիներ, իսկ 21-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 329 պարագաներ մահացած են:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ պետական եւ սեփական դպրոցներուն պարագային վերամուտը յետաձգուած է 12 հոկտեմբեր 2020-ին:
Նշենք, որ նախքան այս որոշումը, «Քորոնա»-ի Լիբանանի ազգային շտապը յանձնարարած էր դպրոցներուն վերամուտը 14 օրով յետաձգել` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուածներուն համեմատութիւնը 8 առ հարիւրով բարձրացած է:
Պէտք է աւելցնել, որ Լիբանանեան Կարմիր խաչի ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Քըթթանէ երէկ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին լոյսին տակ դպրոցներուն կացութիւնը զգայուն է:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասանը եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութը, որոնց հետ քննարկեց նախորդ երեք ամիսներուն ընթացքին Լիբանան եկած 300 հազար ճամբորդներու հիւրընկալութիւնն ու «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու միջոցներու գործադրութիւնը:
Անոնք դրուատեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած քայլերը` շեշտելով, որ բացթողումներուն համեմատութիւնը շատ քիչ է:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պէյրութ այցելող ճամբորդներուն «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններուն նոր գործիքակազմ մը ճշդելու կարելիութիւնները: