Աշխարհը յոգնած է անջատողական գիծերէն եւ կը պահանջէ զարգացնել համակողմանի փոխադարձ օգնութիւն եւ համագործակցութիւն: Այս մասին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բարձր մակարդակի ձեռնարկներու շաբթուան ընթացքին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներուն անունով ուղղուած տեսաուղերձին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:
Լաւրովի համաձայն` պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, ֆաշականութեան դէմ վճռորոշ ներդրում ունեցած ազգերու դերը նուազեցնելու փորձերը անհեթեթ են: Լաւրով աւելցուցած է, որ բոլորը պէտք է յիշեն պատմութեան դասերը, պատուեն ազատամարտիկներու հերոսութիւնները, ապահովեն անոնց փառքին համար կանգնեցուած յուշակոթողներու պահպանութիւնը:
«Այսօր, դժբախտաբար, աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ կը շարունակեն մոլեգնիլ զինուորական տագնապները: Ատոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ ներկայի սուր սպառնալիքները. միջազգային ահաբեկչութիւն, թմրեցուցիչի եւ համացանցի յանցագործութիւն, կլիմայի փոփոխութիւն: Այս տարի այս շարքը ամբողջացաւ յաւելեալ ահարկու մարտահրաւէրով մը` «Քորոնա» ժահրի համաճարակով, որ ընկերային-տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու մէջ լուրջ ճգնաժամերու յառաջացման պատճառ դարձաւ», ըսած է Լաւրով:
Լաւրով նաեւ նշած է, որ համաշխարհային խնդիրներուն արձագանգելը տարուէ տարի առաւել դժուար կը դառնայ, յատկապէս միջազգային ընտանիքին աճող մեկուսացման պայմաններուն մէջ: Ան աւելցուցած է, որ այս իրավիճակը մեծ հաշուով կապուած է որոշ երկիրներու` այլ պետութիւններու օրինական շահերուն հետ հաշուի նստելու ցանկութեան բացակայութեան հետ: